1 Corinthians 11
1 Հետեւաբար ինծի նմանեցէք, ինչպէս ես՝ Քրիստոսի։
2 Կը գովեմ ձեզ, որ կը յիշէք ամէն ինչ որ սորվեցուցի ձեզի, եւ ինչպէս որ ձեզի աւանդեցի՝ այնպէս կը պահէք։
3 Բայց կ՚ուզեմ որ գիտնաք, նաեւ, թէ ոեւէ այր մարդու գլուխը Քրիստոս է, եւ կնոջ մը գլուխը՝ իր այրը, իսկ Քրիստոսի գլուխը՝ Աստուած։
4 Ոեւէ մարդ երբ աղօթած կամ մարգարէական պատգամախօսութիւն ըրած ատեն իր գլուխը ծածկուած կը պահէ, իր գլուխը՝ այսինքն Քրիստոսը անպատուած կ՚ըլլայ։
5 Մինչդեռ ոեւէ կին երբ բաց գլուխով կ՚աղօթէ կամ մարգարէական պատգամախօսութիւն կ՚ընէ, իր գլուխը՝ այսինքն իր ամուսինը անպատուած կ՚ըլլայ, որովհետեւ ոեւէ տարբերութիւն չ՚ունենար անպատիւ կնոջմէ մը, որուն մազերը կը կտրեն։
6 Եթէ կին մը քողով չի ծածկեր իր գլուխը, թող կտրէ իր մազերը՝ ի նշան անպատուութեան. իսկ եթէ կնոջ մը համար նախատինք է մազերը կտրելը կամ ածիլելը, թող քողով ծածկուի։
7 Այր մարդը Աստուծոյ պատկերը եւ փառքը ըլլալով՝ պէտք չէ իր գլուխը ծածկէ, իսկ կինը իր ամուսինին փառքն է։
8 Որովհետեւ մարդը կնոջմէ սկիզբ չէ առած, այլ՝ կինն է որ սկիզբ առած է մարդէն։
9 Նոյնպէս ալ, մարդը չէր որ կնոջ համար ստեղծուեցաւ, այլ կինը՝ մարդուն համար։
10 Ահա թէ ինչու՝ կին մը պէտք է աղօթքի ատեն քողով ծածկէ իր գլուխը, ճիշդ ինչպէս հրեշտակներ իրենց դէմքերը կը ծածկեն Աստուծոյ ներկայութեան։
11 Բայց եւ այնպէս, քրիստոնէական հասկացողութեամբ՝ չկայ կին առանց մարդու, ոչ ալ մարդ՝ առանց կնոջ։
12 Որովհետեւ եթէ կինը այր մարդէն սկիզբ առած է, մարդն ալ կնոջմէ կը ծնի, եւ բոլորն ալ Աստուծմով կան։
13 Դո՛ւք դատեցէք, թէ արդեօք պատշա՞ճ է որ կին մը բաց գլուխով Աստուծոյ դիմաց աղօթքի կանգնի։
14 Բնութիւնը ինք ձեզի չի՞ սորվեցներ՝ թէ այր մարդուն համար երկար մազ ունենալը անարգանք է,
15 մինչդեռ կնոջ համար երկար մազերը փառք են, քանի Աստուած ծածկոցի փոխարէն տուած է զանոնք։
16 Այս բոլորէն ետք, եթէ մէկը դարձեալ ուզէ առարկութիւն ընել այս մասին՝ մենք միայն կ՚ըսենք.– Ո՛չ մենք, ո՛չ ալ Աստուծոյ եկեղեցիները՝ ուրիշ սովորութիւն չենք ճանչնար։
17 Հետեւեալ պատուէրն ալ ունիմ ձեզի,– եւ այս կէտին մէջ ձեզ չեմ գովեր,– որովհետեւ կը լսեմ թէ ձեր հաւաքոյթները աւելի վնաս կու տան ձեզի, քան օգուտ։
18 Նախ՝ որովհետեւ երբ ամբողջ եկեղեցիով մէկտեղ կը հաւաքուիք՝ հակառակ խումբերու կը բաժնուիք, ըստ լսածիս։ Եւ մասամբ մը կը հաւատամ ատոր։
19 Անշուշտ որ պառակտումներ պիտի ըլլան ձեր մէջ, որպէսզի անով յայտնուին՝ թէ ձեզմէ որոնք են իսկական ընտրեալները։
20 Երկրորդ, կը լսեմ որ Տէրունի Ընթրիքին համար ձեր հաւաքոյթներու ընթացքին ձեզմէ
21 իւրաքանչիւրը սկիզբէն ընթրիքին վրայ կ՚իյնայ, այնպէս որ ոմանք անօթի կը մնան, իսկ ուրիշներ կը գինովնան։ Ատիկա Տէրունի Ընթրի՞ք եղաւ։
22 Ուտել–խմելու համար դուք ձեր տուները չունի՞ք, որ Աստուծոյ եկեղեցին կ՚արհամարհէք եւ չքաւորները ամօթով կը ձգէք։ Ի՞նչ կ՚ուզէք որ ըսեմ ձեզի. գովե՞մ։ Ո՛չ, չեմ գովեր։
23 Ես Տիրոջմէ առի ինչ որ ձեզի աւանդեցի, թէ Տէր Յիսուս իր մատնութեան գիշերը հաց առաւ,
24 Աստուծոյ գոհութիւն յայտնեց, կտրեց զայն եւ ըսաւ. «Ասիկա իմ մարմինս է, որ ձեզի համար կը բաշխուի։ Ասիկա կատարեցէք զիս յիշելու համար»։
25 Ընթրիքէն ետք նոյն ձեւով բաժակը առաւ եւ ըսաւ. «Այս բաժակը Աստուծոյ Նոր Ուխտն է, որ իմ արիւնովս կը կնքուի։ Ասիկա կատարեցէք միշտ, եւ ամէն անգամ որ անկէ խմէք՝ զիս յիշեցէք»։
26 Հետեւաբար, ամէն անգամ որ այս հացը կ՚ուտէք եւ բաժակէն կը խմէք, Տիրոջ մահը կը պատմէք, մինչեւ իր երկրորդ գալուստը։
27 Այսուհետեւ՝ ո՛վ որ անարժանութեամբ ուտէ այս հացը կամ խմէ Տիրոջ բաժակէն, Տիրոջ մարմինին եւ արեան դէմ մեղանչած կ՚ըլլայ։
28 Ուստի ամէն մարդ նախ ինքզինքը թող քննէ եւ ապա միայն այս հացէն ուտէ եւ բաժակէն խմէ,
29 որովհետեւ ով որ անարժանութեամբ կ՚ուտէ եւ կը խմէ՝ այդ ուտելովն ու խմելովը ինքզինք դատապարտութեան կ՚ենթարկէ, քանի որ զանազանութիւն չի դներ սովորական հացին եւ Տիրոջ մարմինին միջեւ։
30 Այս է ահա պատճառը, որ ձեր մէջ բազմաթիւ հիւանդներ ու ցաւագարներ կան եւ բազմաթիւ են նաեւ անոնք՝ որ նոյն պատճառով մեռան։
31 Եթէ երբեք մենք մեզ քննէինք, չէինք պատժուեր։
32 Իսկ եթէ կը պատժուինք, Տէրը այդ ձեւով կը խրատէ մեզ, որպէսզի չըլլայ որ աշխարհի հետ միասին դատապարտուինք։
33 Ուստի, եղբայրնե՛րս, երբ Տիրոջ ընթրիքէն ճաշակելու համար իրարու քով կը հաւաքուիք, նախ իրարու սպասեցէք։
34 Իսկ ով որ անօթի է՝ թող իր տունը ուտէ, որպէսզի ձեր հաւաքոյթը դատապարտութեան առիթ չըլլայ։ Գալով մնացեալ հարցերուն, երբ որ գամ՝ պէտք եղածը կը կարգադրեմ։